Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարին

2021-02-04
Image

Տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի ընթացքին: Այդ մասին յայտնած են Հայաստանի փոխվարչապետի մամուլի ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ փոխվարչապետներու առաջին նիստը կայացած է 30 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին երկու փորձագիտական ենթախումբեր ստեղծուած են: Անոնց կազմին մէջ հայկական կողմէն պիտի ընդգրկուին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ԱԳՆ-ի, տնտեսութեան նախարարութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի  ներկայացուցիչները: