Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

2023-04-25
Image

Երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ այլք, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Անոնք ծաղկեպսակ դրին յուշակոթողի մօտ, ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի շուրջ:

Յիշեցնենք՝ 24 Ապրիլին լրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը։