Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չկայ. Արարատ Միրզոյեան

Եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը որեւէ պահու բանակցութիւններ սկսին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, ապա այդ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ անպայման պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու կողմէ դրուած սկզբունքներու հիման վրայ:
Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ պէտք է ըլլայ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւններու փոխարէն ես կը կեդրոնանայի 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններով արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վրայ: Այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւններ չի վարուիր»,- ըսած է Միրզոյեանը: