Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման հարց չկայ օրակարգի վրայ. ՀՀ ԱԳՆ

2022-05-02
Image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման հարց չկայ օրակարգի վրայ: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեանը:

«Ի պատասխան զանգուածային լրատուամիջոցներու հարցման, կը տեղեկացնենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման վերաբերեալ որեւէ քննարկում կամ համաձայնութիւն չկայ։ Նման հարց չկայ օրակարգի վրայ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։