Հայաստանի եւ Յունաստանի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգերու շուրջ

Սեպտեմբեր 22-ին ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 76-րդ նստաշրջանի շրջանածիրէն ներս հանդիպում ունեցած է Յունաստանի ԱԳ նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-յունական յարաբերութիւններու հարուստ օրակարգին առնչուող հարցեր՝ կարեւորելով փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդմանն ուղղուած ջանքերու ներդրման անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են միջազգային կառոյցներու շրջածիրէն ներս փոխադարձ աջակցութեան առնչութեամբ։
Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ: Նախարար Միրզոյեանը իր յոյն գործընկերոջը ներկայացուցած է Արցախի դէմ սանձազերծուած ատրպէյճանաթրքական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ ընդգծելով հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։
Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը: