Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները արդիւնաւէտ գնահատած են երկկողմ բանակցութիւնները

Աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Վրաստան։
Այցի շրջանակէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպումներ ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ, յարգանքի տուրք մատուցած է Թիֆլիսի «Հերոսներու» հրապարակին մէջ եւ մասնակցած է Վրաստանի վարչապետի անունով, ի պատիւ Հայաստանի վարչապետի տրուած պաշտօնական ճաշին։
Նիկոլ Փաշինեանը բարձր մակարդակի բանակցութիւններ վարած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ՝ քննարկելով հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգը։ Քննարկման առանցքային հարցերէն եղած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ զարգացման դարաշրջան բանալու հեռանկարը։ Զրուցակիցները պայմանաւորուած են համատեղ ջանքերով եւ ծրագրերով ընդլայնել հայ-վրացական գործակցութիւնը եւ խթանել տարածաշրջանային երկխօսութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցած է նաեւ Վրաստանի նախագահի հետ։
Վարչապետի պաշտօնական այցը Վրաստան աւարտած է Պաթում քաղաքի մէջ՝ Վրաստանի վարչապետի հետ ոչ պաշտօնական հանդիպմամբ, որու ընթացքին վարչապետին ներկայացուցած են զբօսաշրջութեան զարգացմանն ուղղուած ծրագրերը, ենթակառուցուածքներու բարելաւման միտուած միջոցառումները։ Հայ եւ վրաց գործընկերները գոհունակութիւն յայտնած են բանակցութիւններու ընթացքէն եւ պայմանաւորուած են շարունակել աշխոյժ շփումները թէ՜ պաշտօնական, թէ՜ ոչ պաշտօնական ձեւաչափերով։
Այսօր երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վերադարձած է Երեւան։