Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է ՌԴ-ին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ ՀԱՊԿ-ին

2022-09-13
Image

ՀՀ տարածքի նկատմամբ յարձակման առնչութեամբ կառավարութիւնն արդէն դիմած է ՌԴ-ին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ ՀԱՊԿ-ին։

Այս մասին յայտնած են Հանրային հեռուստաընկերութենէն։

Նշենք, որ աւելի վաղ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած էր ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակման առնչութեամբ պաշտօնապէս դիմել Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի դրոյթները գործողութեան մէջ դնելու նպատակով, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին: