Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 27 320-ի

2020-07-03
Image

Հայաստանի մէջ,  3 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 27 320 դէպք, որոնցմէ 15 484` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 211 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 118 102 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 662  նոր դէպք եւ  448 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 10 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 469):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 74, 81 տարեկան կանայք եւ 56, 80, 83, 66, 69, 61, 82, 62: Բացի վերջինէն, մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 156 է: