Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 298-ի

2020-08-04
Image

Հայաստանի մէջ, 4 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  298 դէպք, որոնցմէ 30 372-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 930 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 168 164 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 196 նոր դէպք եւ  511 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 768):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 47 (կին), 67 (կին), 52 (կին), 68 (տղամարդ), 71 (տղամարդ) և 60 (տղամարդ) տարեկան։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։