Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 326-ի

2020-09-10
Image

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 10 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 174 նոր դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 45 326-ի, որոնցմէ բուժուած է 41 233 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 2 908 հիւանդ:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 906-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 1 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն 210-ն է։