Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 46 671-ի

2020-09-17
Image

17 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 46 671 պարագայ, որոնցմէ 42 231-ը` առողջացած, 925-ը` մահացած:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3 232 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 252 158 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 4319 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 295 նոր պարագայ: Կան 126 առողջացած: