Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ներկայութիւնը կարգաւորող պայմանագիր պէտք է ստորագրուի․ Նիկոլ Փաշինեան

2023-03-03
Image

Մարտ 2-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համատեղ ասուլիս ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ:

Փաշինեանի եւ Շոլցի քննարկումներու առանցքային նիւթերէն եղած են Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական իրավիճակը եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: 

ՀՀ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան՝ Հայաստանի մէջ նոր՝ Եւրոպական Միութեան երկարաժամկէտ մշտադիտարկման առաքելութիւն տեղակայելու որոշման աջակցելուն համար, եւ յայտնած, թէ համոզուած է, որ այդ առաքելութիւնը էական դերակատարութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման առումով: 

«Այժմ Եւրամիութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը կարգաւորւում է փոխադարձ պաշտօնական նամակներով, բայց մենք ունենք նաեւ պայմանաւորուածութիւն, որ այդ ներկայութիւնը եւ միսիան (առաքելութիւնը) կարգաւորող պայմանագիր պէտք է քննարկուի, բանակցուի եւ ստորագրուի: Եւ ես կարծում եմ նաեւ, որ մոնիտորինգի (դիտարկման) առաքելութեան ներկայութիւնը կարգաւորող փաստաթուղթ մենք առաջիկայում հնարաւոր է ստորագրենք: Առաջիկան՝ երբ որ մենք կը բանակցենք եւ ընդհանուր համաձայնութեան կը գանք արդէն իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւնների ձեւակերպումների շուրջ», յայտարարեց Փաշինեան:

Ան նաեւ էական նկատած է Լաչինի միջանցքը ու Արցախ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը՝ միջազգային հանրութեան իրավիճակը աւելի համապարփակ կերպով ծանօթացնելու համար: