Հայաստանի մէջ երեխայի մահուան առաջին դէպքը արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն

2020-10-21
Image

Հայաստանի մէջ համավարակի տարածման սկիզբէն ի վեր, երեխայի մահուան առաջին դէպքը արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն: 16-ամեայ երեխան ունեցած է ուղեկցող ծանր հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` 2 տարուայ վաղեմութեան յետվիրահատական վիճակ գլխուղեղի (երկարաւուն ուղեղի) չարորակ նորագոյացութեան մասնակի հեռացումէն ետք, բուսական (vegetative) վիճակ (չէ խօսած, չէ քալած, չէ նստած, չէ հաղորդակցած), որուն աւելցած է COVID-19-ը` իր հետեւանքներով: Ցավալի է կորուստը:

Բժիշկները ըրած են հնարաւոր եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները, սակայն երեխայի կեանքը հնարաւոր չէ եղած փրկել: