Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 984 նոր դէպք. մահացած է 32 մարդ

Հայաստանի մէջ 17 նոյեմբերին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 984 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 118870 դէպքի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը:
Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 468081, վերջին մէկ օրը` 2530 նոր քննութիւն:
Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 38 253 հիւանդ. մէկ օրուան մէջ նուազած է 1526-ով:
Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 78 343 անձ` վերջին մէկ օրուան մէջ 2478 անձ:
Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 23 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 1811 է:
Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 9 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 463 է: