Հայաստանի մէջ մեկնարկեց նախընտրական քարոզարշաւը. Այն պիտի տեւէ 12 օր

Հայաստանի մէջ 7 Յունիսէն պաշտօնապէս մեկնարկած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը: Քարոզարշաւը պիտի տեւէ մինչեւ 18 Յունիս, ժամը 24:00-ը:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան 20 Յունիսին: Սակայն ելեկտրոնային եղանակով քուէարկութիւնը պիտի մեկնարկի 11 Յունիսին ժամը 08:00-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 13 Յունիս, ժամը 20:00-ը:
Ընտրութիւններուն կը մասնակցի 26 քաղաքական ուժ՝ 22 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք:
Կուսակցութիւններն ու կուսակցութիւններու դաշինքները՝ ըստ համարներու.
1. «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն
2. «Հայ Ազգային Քոնկրես» կուսակցութիւն
3. «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն
4. «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն
5. «Ազատութիւն» կուսակցութիւն
6. «Պատիւ ունեմ» դաշինք
7. «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւն
8. «Համահայկական ազգային պետականութիւն» (ՀԱՊ) կուսակցութիւն
9. «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն
10. «Մեր տունը Հայաստանն է» կուսակցութիւն
11. «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն
12. «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւն
13. «Ազատ Հայրենիք» դաշինք
14. «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն
15. Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն
16. «5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն
17. «Քաղաքացու որոշում սոցիալ դեմոկրատական» կուսակցութիւն
18. «Շիրինեան- Բաբաճանեան ժողովրդավարների դաշինք» դաշինք
19. «Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւն
20. «Վերելք» կուսակցութիւն
21. «Ազատական» կուսակցութիւն
22. «Հայոց Արծիւներ Միասնական Հայաստան» կուսակցութիւն
23. «Հայաստանի Եւրոպական» կուսակցութիւն
24. «Հայաստան» դաշինք
25. «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութիւն
26. «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութիւն
Թեկնածուները, կուսակցութիւնները, կուսակցութիւններու դաշինքները կամ դաշինքի անդամ կուսակցութիւններն ինքնաբացարկի մասին դիմում կրնան ներկայացնել մինչեւ 10 Յունիսը ժամը 18:00-ը:
Ընտրողներներն ընտրատեղամասերուն մէջ պիտի ստանան մասնակցող քաղաքական ուժերու թիւին համապատասխան քուէաթերթիկներ, պիտի ընտրեն անոնցմէ միայն մէկը, պիտի դնեն ծրարի մէջ ու նետեն քուէատուփը: Ընտրողները քուէաթերթիկի վրայ գրիչով որեւէ նշում պիտի չկատարեն: