Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանն այցելած է Ջերմուկ եւ Գորիս

Սեպտեմբեր 28-ին ՀՀ-ի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, դեսպանատան ռազմական կցորդ Վ․Ա․ Քոքոսովը, ՀՀ եւ ՌԴ Զօրքերու (ուժերու) միացեալ խմբաւորման հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Տիգրան Փարվանեանի ուղեկցութեամբ այցելած են Ջերմուկ եւ Գորիս քաղաքներ, կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունէն։
«Դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարը հանդիպած է հայկական բանակի՝ տեղի հրամանատարութեան ներկայացուցիչներու հետ, ծանօթացած հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին եւ վնասներուն, որոնք պատճառուած են սահմանամերձ շրջաններուն՝ սեպտեմբեր 13-14-ի գնդակոծութեան հետեւանքով։
Սերկէյ Քոփիրքինն այցելած է նաեւ Գորիս քաղաքի մէջ 102-րդ ռուսական ռազմակայան առանձին գումարտակի եւ Սիսիան քաղաքին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանձին օդային խումբի տեղակայման վայրեր»,- նշուած է ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեաբ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։