Հայաստանի մէջ վերջին 3 ամսուան մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման ամենաբարձր ցուցանիշը՝ 1024 դէպք

Հայաստանի մէջ 18 մարտին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 1024 նոր դէպք, առողջացած է 273 քաղաքացի, մահացած է՝ 19-ը: Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 4687 քննութիւն: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն այսպիսով հասած է 788953-ի:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 181165 դէպք, որոմէ 167186-ն առողջացած, 3301-ը՝ մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9830 հիւանդ:
Նախորդ օրն արձանագրուած է մահուան 7 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի պարագաներու ընդհանուր թիւը 848 է: