Հայաստանի մէջ COVID-19-ի դէպքերը կը շարունակեն աճիլ. գրանցուած է 2474 նոր դէպք

2020-10-23
Image

23 Հոկտեմբերի, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 73310 դէպք, որոնցմէ 50276-ն` առողջացած:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 21560 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 368053 քննութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 5760 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 2474 նոր դէպք: Ունինք 489 առողջացած:

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 1145 (աւելցած է եւս 14-ով) դէպք: 

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հիւանդները եղած են 67, 57, 83, 66, 61, 72, 96, 74 տարեկան տղամարդիկ եւ 58, 77, 74, 87, 69, 72 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդները ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 329 է: