Հայաստանի ՊՆ-ն կը ստուգէ Ատրպէյճանին ֆոսֆորային զէնքի մատակարարումներու մասին տուեալները

2020-11-03
Image

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ստուգէ Ատրպէյճանին ֆոսֆորային զէնքի մատակարարումներու մասին տուեալները:

Այնուամենայնիւ, ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը 2 նոյեմբերի երեկոյեան կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ արտադրողի եւ մատակարարի վերաբերեալ հարցին պատասխանած է, որ ինքը դեռ չի կրնար տուեալներ տրամադրել:

Նախօրէին ատրպէյճանական զինուած ուժերը ֆոսֆորային (բոցավառուող) զէնք օգտագործած են, որ կրնայ բնապահպանական աղէտի պատճառ դառնալ: Արդէն տեղեկութիւններ կան, որ այրած է շուրջ 150 հա անտառ: Աւելի քան 50 կազմակերպութիւններ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, որուն մէջ խստօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորային զինամթերքի օգտագործումը: