Հայաստանն անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս կ'աջակցի Յունաստանին․ ԱԳՆ խօսնակ

Հայաստանն անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս կ'աջակցի Յունաստանին՝ անտառային հրդեհներու հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու հարցով,- ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեանը՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցին, թէ կը պատրաստուի արդեօ՞ք Հայաստանի կառավարութիւնը օգնութիւն ցուցաբերելու Յունաստանին։
«Խորապէս մտահոգուած ենք բարեկամ Յունաստանում բռնկած անտառային հրդեհների պատճառով ստեղծուած իրավիճակով եւ համերաշխութիւն ենք յայտնում եղբայրական յոյն ժողովրդին այս դժուարին ժամանակներում:
Մենք կապ ենք հաստատել մեր յոյն գործընկերների հետ եւ օգնութիւն առաջարկել։ Յունաստանն իր երախտագիտութիւնն է յայտնել Հայաստանին՝ առաջարկած օգնութեան ու պատրաստակամութեան համար, եւ միաժամանակ տեղեկացրել, որ նկատի ունենալով, որ երկրում հրդեհների հետ կապուած իրավիճակը ճգնաժամայինից անցել է համեմատաբար մեղմ փուլ, առայժմ յաւելեալ օժանդակութեան անհրաժեշտութիւն չկայ»,-նշած է Յունանեան։
Ըստ անոր՝ Հայաստանը պիտի շարունակէ ուշի ուշով հետեւիլ իրավիճակին եւ անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս աջակցութեան ձեռք պիտի մեկնէ եղբայրական յոյն ժողովուրդին։
Նշենք, որ Յունաստանի մէջ անտառային հրդեհներ բռնկած են 29 Յուլիսէն։