Հայաստան. հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակման 1116 նոր դեպք, 19 մահուան դէպք

2021-04-02
Image

2 Ապրիլին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 194852 դէպք, որոնցմէ 174545-ն` առողջացած, 3552-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 15851 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 864876 քննութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 4830 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 1116 նոր դէպք: Ունինք 864 առողջացած եւ 19 մահվան դէպք:

Նախորդ օրն արձանագրուած է մահուան 4 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 904 է: