Հայաստան ՄԱԿ-ի դատարանի մէջ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Ցեղային խտրականութեան համար

Հայաստանը 23 յունուարին Ատրպէյճանի դէմ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրի մեկնաբանման եւ կիրարկման գործով յուշագիր:
Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին գրած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը, նշելով, որ շուրջ մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքէ ետք պատրաստուած փաստաթուղթը մանրամասն կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէ այդ հռչակագիրի` տասնամեակներ շարունակուող կոպիտ խախտումները: Պաշտօնատարը այլ մանրամասնութիւններ չէ նշած:
Այդ պահանջները ընդհանուր առմամբ կը վերաբերին Ատրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ էթնիկ հայերու եւ հայկականութեան նկատմամբ տարուող ատելութեան եւ խտրական վերաբերմունքի հետեւանքով առաջացած խախտումներու արձանագրման եւ պատճառուած վնասի հատուցման:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ 2021 թուականի 16 սեպտեմբերին Հայաստանը ներկայացուցած էր գանգատ ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային յուշագրի խախտման հիմքով: Դատարանը սահմանած էր ժամկէտ ամբողջական գանգատի եւ ապացոյցներու ներկայացման համար մինչեւ 2023 թուականի 23 յունուարը: