Հայաստան փորձարկեց «ՕՍԱ-ԱԿ» տիպի հրթիռներ

11 Օգոստոսին Մարշալ Բաղրամեանի անուան ուսումնական հրաձգարանին մէջ տեղի ունեցած են արդիականացուած «ՕՍԱ-ԱԿ» համալիրներու փորձարկումներ՝ մարտական հրաձգութեամբ:
Փորձնական թռիչքներու ընթացքին ստուգուած են համալիրներու արդիականացուած պլոքներու եւ հանգոյցներու աշխատունակութիւնն ու մարտունակութիւնը:
Բոլոր օդային թիրախները խոցուած են: