Հայկական իրաւական կեդրոնն Ատրպէյճանի կողմէ սպանուած հայ ռազմագերիներու գործով ՄԻԵԴ-ի մէջ իրաւական գործընթաց սկսած է

Ուաշինկթոնի մէջ գրանցուած Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC), համագործակցաբար ՀՀ-ի մէջ գրանցուած Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի հետ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ նոր գործեր ներկայացուցած է, որոնցով Ատրպէյճանը կը մեղադրուի հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձանց մահուան համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը
ՄԻԵԴ ներկայացուած փաթեթին մէջ նշուած է, որ 19 անձինք, ինչպէս իրենց հայրենի բնակավայրերուն մէջ մնացած քաղաքացիական մարդիկ, այնպէս ալ զինուորականներ, իրարմէ տարբեր 10 միջադէպերու հետեւանքով սպաննուած են, երբ գերութեան մէջ գտնուած են ատրպեճանական ուժերու կողմէ կամ եղած են ձերբակալուած։
Երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները հաւաքուած նիւթերով կը փորձեն պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը` ինչպէս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի, այնպէս ալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն գերութեան մէջ գտնուող անձանց կեանքը չպաշտպանելու համար:
Հայկական իրաւական կեդրոնը յանձնառու է սպանուած 19 անձանց դէպքերով հետապնդել արդարութիւն, ինչպէս նաեւ ապահովել, որ բոլոր հայ ռազմագերիներն ազատ արձակուըն եւ առանց վնասներու հայրենադարձուին: Այս նպատակով Ուաշինկթոնի մէջ տեղակայուած հայկական իրաւական կեդրոնը կը համագործակցի Երեւան գտնուող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի հետ առաւել քան 100 հայ ռազմագերիներու անունով ՄԻԵԴ-ի մէջ գործեր յարուցելու համար։ Այս գործընկերութիւնը թոյլ կու տայ անհատական մակարդակով պաշտպանելու Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու կէսէն աւելիին։ Համագործակցող կազմակերպութիւններու ջանքերով վերջերս նորէն լրացուցիչ գործեր ներկայացուեցան ՄԻԵԴ՝ պահանջելով Ատրպէյճանի հանդէպ կիրառել միջանկեալ միջոց։