Հայկական կողմը կրակ չէ բացած Շուշիի մատոյցները տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ. ՊԲ-ի հերքումը

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը առ այն, թէ իբր 13 յուլիսին, ժամը 21:34-21:45-ի սահմաններուն ՊԲ ստորաբաժանումները գնդացիրներով եւ ինքնաձիգերով կրակ բացած են Շուշիի մատոյցները տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, իրականութեան չի համապատասխաներ:
«ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները, հաւատարիմ մնալով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններին, շարունակում են հետեւել հրադադարի ռեժիմի պահպանմանը եւ չեն դիմում իրավիճակն ապակայունացնող գործողութիւնների»,– ըսուած է ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեամբ։