Հայկ Պետրոսեանն ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ԱԽ գրասենեակի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանի հանդիպումը Հայաստան աշխատանքային այցով գտնուող ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, անոր շուրջ վերջին զարգացումները եւ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս առկայ մեքենականութիւններու օգտագործման հնարաւորութիւնները իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ 2021 Սեպտեմբերին Տաճիկիստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստին քննարկուելիք փաստաթուղթերու նախագիծերու համաձայնեցման, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի առաջիկայ նախագահութեան առաջնահերթութիւններու նախապատրաստման ընթացքին:
Հայաստանը ՀԱՊԿ նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ այս տարուան 16 Սեպտեմբերին։
Զասի Հայաստան այցի շրջածիրէն ներս հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ ՀՀ վարչապետի, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի հետ։