Հայրենիք վերադարձած են 70 օր անյայտութեան մէջ մաքառած 6 ժամկէտային զինծառայողներ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը «Դիմատետր»-ի իր էջին գրառմամբ յայտնած է, որ եւս 6 ժամկէտային զինծառայողներ վերադարձած են Հայրենիք։
Արցախի նախագահը նշած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ իրականացուող որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով աւելի քան 70 օր անյայտութեան մէջ հերոսաբար մաքառած մեր 6 ժամկէտային զինծառայողները վայրկեաններ առաջ վերադարձան Հայրենիք՝ այս ծանր օրերուն ուրախութիւն պատճառելով բոլորիս:
Այս կարեւոր յաջողութեան համար իմ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որուն անմիջական ջանքերուն շնորհիւ աշխոյժ կերպով կը շարունակուին անյայտ կորածներու որոնողական եւ, ի հարկէ, զոհուածներու աճիւններու վերադարձման աշխատանքները: Իմ առանձնայատուկ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ նաեւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը իրականացնող զօրակազմի հրամանատար Ռուստամ Մուրատովին, տղաներու գտնուելու վայրը ուղեկցած Արթուր Աւագեանին, ինչպէս նաեւ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ողջ անձնակազմին, որոնց կատարած հերոսական աշխատանքին դեռ առիթ պիտի ունենամ անդրադառնալու:
Ստորեւ կը հրապարակեմ մեր փրկուած վեց հայրենակիցներու անուն-ազգանունները, որոնց մասին արդէն պատշաճ կերպով տեղեկացուած են հարազատները.
Այվազեան Արսէն Կարէնի
Սահակեան Դաւիթ Գեղամի
Ստեփանեան Նիկոլայ Սէյրանի
Յարութիւնեան Արթուր Գարիկի
Արմաղանեան Արման Արշակի
Թումանեան Ռուսլան Սարգիսի
Յ. Գ.
Այս պահուն կը մեկնիմ անոնց դիմաւորելու: Տեսանիւթը՝ քիչ անց»: