Հայ-ատրպէյճանական սահմանին էական միջադէպեր չեն արձանագրուած. ՊՆ

Ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին էական միջադէպեր չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբեր 13-ին՝ ժամը 00:05-էն, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները սահմանի ողջ երկայնքով հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած էին բուռն կրակ վարել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ: Հակառակորդը հարուածած է թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքացիական կառոյցներ, որոշ ուղղութիւններով ձեռնարկած են դիրքային յառաջխաղացման գործողութիւններ։ Հայկական կողմն ունի 105 զոհ եւ աւելի քան 100 վիրաւոր, վիրաւորներէն վեցը քաղաքացիական անձինք են։