Հայ-ատրպէյճանական սահմանին միջադէպեր չեն արձանագրուած

2021-03-04
Image

Մարտ 2-ին եւ 3-ին ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած, մարտավարական կայուն իրավիճակը պահպանուած է:

ՀՀ ԱԱԾ-էն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին եւս սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ՀՀ Զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահ­մա­նային իրավիճակը սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով եւ կը կատարէ առաջադրուած խնդիրները: