Հայ գերիին հանդէպ եղածը խստօրէն դատապարտելի է. Հայաստանի ՄԻՊ ներկայացուցիչ (Տեսանիւթ)

2020-11-19
Image

Սա հերթական ապացոյցն է, որ կը հաստատէ ահաբեկչական մեթոտներով էթնիք զտումներու ու ցեղասպանութեան համակարգուած ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրառում կատարած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը եւ հրապարակեած գերի ինկած հայ տարեց քաղաքացիի մասին տեսանիւթը:

«Այս տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանական զինուորականները կը նուաստացնեն տարեց մարդը, էթնիք հայը, անոր բացառիկ ցինիզմով կ'ենթարկեն բացայայտ անմարդկային վերաբերմունքի:

Այդ կ'ընեն միայն այն բանի համար, որ մարդը էթնիք հայ է. ատելութիւնը Ատրպէյճանի մէջ այնքան համակարգուած է ու պետական մակարդակով կը խրախուսուի այնքան բարձր, որ այս զինուորականներուն չի հետաքրքրեր, որ մարդը անօգնական է, տարեց է եւ ունի մարդկային արժանապատւութիւն:

Հակառակը՝ անոնք մարդոց կ'արժանացնեն այսպիսի վերաբերմունքի ու յետոյ այդ լայնօրէն կը տարածէ ընկերային ցանցերով՝ սեփական հասարակութեան մէջ գովեստի ու թուացեալ «հերոսութեան» արժանանալու համար:

Մէկ կարեւոր փաստ. այս արարքը ոչ թէ խումբ մը զինծառայողներու առանձին յանցագործութիւն է, այլ 2020 թուականի սեպտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներու պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական լայնածաւալ ու պետական բարձր մակարադակով խրախուսուող յանցաւոր արարքներու՝ խոշտանգումներու ու վայրագութիւններու, դաժանութիւններու համակարգի անբաժան բաղադրիչ:

 

Սա հերթական ապացոյցն է, որ կը հաստատէ ահաբեկչական մեթոտներով էթնիք զտումներու ու ցեղասպանութեան համակարգուած ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ:

Այսպիսի արարքները ոչ միայն արգիլուած են մարդկութեան յայտնի բոլոր միջազգային պահանջներով, այլ անոնք նոյնիսկ մարդկային երեւակայութեան մէջ չեն տեղաւորուիր:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հետ ներկայիս կ'ամփոփենք՝ այս ապացոյցի ամրագրման, անհրաժեշտ ձեւակերպումներու ու միջազգային մարմիններուն ներկայացնելու համար»: