Հայ խաղաղապահներու հրամանատարը յայտնած է Ալմա Աթայի մէջ իրենց առաքելութեան հիմնական նպատակը

2022-01-12
Image

Ալմա Աթայի մէջ հայ խաղաղապահներու հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ակաբեկիչներու կողմէ տեղի ջրատարի թունաւորման կանխումն է: Այս մասին յայտնած է հայաստանեան խաղաղապահ ստորաբաժանման հրամանատար Հայրապետ Մակարեանը:

««Տրուժպա» ջրամբարին մէջ հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ջուրի թունաւորումը թոյլ չտալն է», յայտնած է հրամանատարը: Անոր խօսքով, ջրամբարը ռազմավարական կառոյց է, եւ վտանգ կար, որ ահաբեկիչները կը փորձեն թունաւորել զայն:

Հայ խաղաղապահները կը զբաղին ոչ միայն ջրամբարի հսկողութեամբ, այլեւ կ'ապահովեն հացի մեծագոյն գործարաններէն մէկուն անվտանգութիւնը: