Հայ ուխտաւորները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ այցելած են Ամարասի վանական համալիր

2021-04-27
Image

Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ 75 հայ ուխտաւոր երէկ այցելած է Ամարասի վանական համալիր, որ յայտնուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման գիծի մերձակայքը, կը հաղորդէ ՌԴ ՊՆ-ն։

Ուխտաւորներու հերթական խումբը Ամարաս վանական համալիր ժամանած է Ստեփանակերտէն եւ վանական համալիրին յարող քաղաքներէ ու գիւղերէ։

«Առանց ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեան էլ քաղաքացիները կարող են այստեղ այցելել, բայց դա վտանգաւոր է։ Իսկ հիմա անվտանգ է, քանի որ մեր անվտանգութեան երաշխիքը ռուսական դրօշն է»,-ըսած է վանքի վանահայր Գեղարդ Յովհաննիսեանը։

Խաղաղապահներն ուխտաւորներուն ուղեկցած են նաեւ ետդարձի ճամբուն: