Հայ ուխտաւորները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ այցելած են Ամարասի վանք

2021-03-02
Image

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ պայմանաւորուածութեան իրականացման շրջանածիրէն ներս ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման:

Նշուած է, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւանքով Ամարասի վանքը յայտնուած է կողմերու սահմանազատման գիծի անմիջական հարեւանութեամբ, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն ։

ՌԴ ՊՆ-ի հաղորդմամբ՝ ռուս խաղաղապահներն ապահոված են 30 հոգինոց հայ ուխտաւորներու անվտանգութիւնը, որոնք նախօրէին Ստեփանակերտ քաղաքէն այցելած են Ամարասի վանք։

 

Լուրը ՝ «Արցախփրէս»էն