Հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է. կայացած է Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովի հետ

2021-08-31
Image

Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպման ընթացքին Սերկէյ Լաւրովն անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հարցին՝ ընդգծելով, որ Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով կայ հարցերու ամբողջ շրջանակ մը, որոնք ուղիղ կը քննարկեն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, Հայաստանի վարչապետը:

«Կան հարցեր, որոնք ամենօրեայ ռեժիմով  կը լուծեն մեր զինուորականները, սահմանապահները՝ հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ: Կը գործէ տնտեսական եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբը փոխվարչապետերու մակարդակով»,- ըսած է Լաւրովը:

ՌԴ ԱԳ նախարարը նաեւ նշած է, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը շատ յագեցած է՝ տնտեսութիւն, ներդրումներ, անվտանգութեան ոլորտ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, կրթութեան, գիտութեան ոլորտներ: «Մենք կ'ուզենք, որ այդ համագործակցութիւնը շարունակէ զարգանալ՝ ի շահ մեր քաղաքացիներու եւ մեր փոխգործակցութեան»,- նշած է Լաւրովը:

Սերկէյ Լաւրովը շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը ՀՀ ԱԳ նախարար նշանակուելու առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնած է առաջին այցը Մոսկուա կատարելու համար: