Հայ սակրաւորները Հալէպի մէջ 88 հազար քառակուսի մեթր հողատարածք ականազերծած են

2023-03-16
Image

Չորեքշաբթի, 15 Մարտին, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան 11-րդ խումբը Հալէպի նահանգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն յանձնած է  Հալէպ Նահանգի Հանտարաթ շրջանէն ներս ականազերծուած 88 հազար քառակուսի մեթր հողատարածք։ Այս մասին յայտնած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։

Հաղորդուած է, որ ականազերծուած հողատարածքի յանձնման արարողութեան մասնակցած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանը, Հալէպի նահանգային խորհուրդի ներկայացուցիչները, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանը, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան Խումբի գնդապետ Արկադի Տօնոյեանը, ռուսական հաշտութեան կեդրոնի Հալէպի ներկայացուցիչները եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ։ 

Հալէպի նահանգային խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդունած են հայկական մարդասիրական առաքելութեան սակրաւորներու կողմէ ականազերծուած տարածքը եւ համապատասխան համաձայնագիր ստորագրած։