Հանդիպումերուն արձանագրուած է, որ ԱԺ-ի խմբակցութիւնները դէմ չեն ընտրակարգի փոփոխութեան. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ հանդիպումներու ընթացքին արձանագրուած է, որ խորհրդարանական խմբակցութիւնները արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ ընտրակարգի փոփոխութեան հետ կապուած հարցը կը թողնեն խորհրդարանական մեծամասնութեան, եւ իշխանութեան հայեցողութեան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Փաշինեան այս մասին ըսաւ ԱԺ-էն ներս կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանին ընթացքին, անդրադառնալով անկախ պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի հարցին, թէ վարչապետը հակուա՞ծ է ընտրութիւնները կատարել գործող Ընտրական օրէնսգրքով, թէ՞ փոփոխուած օրէնսգրքով:
Վարչապետը նախ յիշեցուց, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ձեռք բերուած քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս: Անոնք ձեռք բերուած են Հանրապետութեան նախագահի, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարի, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարի, «Իմ քայլ»-ի, նաեւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ քննարկումներով:
Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնսգրքին՝ Փաշինեան ըսաւ. «Ընտրական օրէնսգրքի ընտրակարգը պայմանաւորուածութիւնների մաս չի եղել, բայց ես բոլոր քննարկումներում հարց եմ ուղղել մեր գործընկերներին՝ այդ թւում խորհրդարանական, թէ իրենք ինչ կարծիքի են ընտրակարգի վերաբերեալ՝ այսինքն` ռեյթինկային (բաց համամասնական) ընտրակարգը լինի, թէ չլինի: Մեր խօսակցութիւնների ժամանակ մենք արձանագրել ենք, որ եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը, եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնն այս հարցը թողնում են խորհրդարանական մեծամասնութեան հայեցողութեանը, այսինքն՝ իրենք խնդիր չունեն՝ վարկանիշայինը լինի, թէ չլինի»:
Փաշինեանի խօսքով՝ անկէ յետոյ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը քննարկումներ ունենալով արտախորհրդարանական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ, նաեւ հաշուի առնելով նախապէս իր ստանձնած յանձնառութիւնը, որոշում կայացուցած է, որ պէտք է երթալ ընտրական օրէնսգրքի պարզ փոփոխութիւններու, եւ ընտրութիւնները կատարուին համամասնական ընտրակարգով՝ այսինքն` առանց վարկանիշային ընտրակարգի:
«Ընտրակարգը պայմանաւորուածութիւնների մաս չէ, բայց հանդիպումերի ժամանակ արձանագրուել է, որ խորհրդարանական խմբակցութիւնները դէմ չեն ընտրակարգի փոփոխութեանը: Ասուել է, որ մենք կողմ չենք քուէարկի, որովհետեւ չենք ուզում ձեզ հետ կիսել քաղաքական պատասխանատուութիւնը, եթէ դուք ուզում էք փոխէք, փոխէք, մենք խնդիր չունենք, մենք դրան առնուազն դէմ չենք արտայայտուի»,-ըսաւ Փաշինեան: