ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբը աւարտած է աշխատանքն ու մեկնած Մոսկուա

ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ապամագլցումի համար առաջարկութիւններ մշակած է։
ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի մամուլի ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբի աշխատանքի արդիւնքներուն։
«Զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորով, որ կը գլխաւորէ առաջապահ խումբը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին առանձին հատուածներու մէջ իրավիճակի վերլուծութեան արդիւնքներու, հիմնական եզրակացութիւններու եւ համապատասխան միջոցառումներու վերաբերեալ առաջարկներու մասին։
Տեղի ունեցած է միտքերու անկեղծ, կառուցողական փոխանակում։ Մշակուած առաջարկներն ուղղուած են առաջացած լարուածութեան թուլացման։
Հանդիպումէն ետք առաջապահ խումբը մեկնած է Մոսկուա»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։