ՀԱՊԿ-ը մեկնաբանած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը

ՀԱՊԿ-ը մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի վերաբերեալ:
«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ ՀՀ մշտական եւ լիազօր ներկայացուցիչ Վիքթոր Պիակովն այս տարուայ 13 մայիսին ՀԱՊԿ մշտական խորհուրդի նիստին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանին 12 մայիսին տեղի ունեցած միջադէպի մասին: Ըստ հայկական կողմի՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են սահմանը եւ քանի մը քիլոմեթրով առաջ անցած են դէպի հայկական տարածք:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը հեռախօսով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ քննարկած է ստեղծուած իրավիճակը:
ՀԱՊԿ-ն ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակի զարգացման Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Իրավիճակի զարգացման հետ մէկտեղ անհրաժեշտութեան պարագային գործողութիւններ կը ձեռնարկուին՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի եւ ՀԱՊԿ կանոնադրութեան դրոյթներու համաձայն»,- ըսուած է ՀԱՊԿ մամուլի ծառայութեան յայտարարութեան մէջ: