ՀԱՊԿ-ը պատասխանած է կազմակերպութեան հասցէին Փաշինեանի խօսքերուն

2021-05-27
Image

Նիկոլ Փաշինեանի՝ հանրապետութեան խորհրդարանական ժամին հնչեցուցած ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ յայտարարութիւնները հաշուի առնուած են, կը շարունակուին խորհրդակցութիւններու կայացման աշխատանքները: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Զայնետտինովը, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի տեղեկութիւնները հաշուի առնուած են: ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի յանձնարարականներուն համապատասխան աշխատանքը կը շարունակուի», -ըսած է Զայնետտինովը:

Զայնետտինովը յիշեցուցած է նաեւ, որ երեքշաբթի օր ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքովը, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէներու նախագահներու համակարգող հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կը պահանջէ անյապաղ միջոցառումներ, առաջին հերթին քաղաքական եւ դիւանագիտական բնոյթի, ինչպէս նաեւ սահմանազատում եւ սահմանագծում՝ պետական սահմանի այս հատուածին:

Չորեքշաբթի Փաշինեանը, ելոյթ ունենալով Հայաստանի օրէնսդիր մարմնին մօտ, ըսած է, որ հայկական կողմը չի բացառեր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դիմելը Ատրպէյճանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակի պատճառով, եթէ ՀԱՊԿ մեխանիզմները թոյլ չտան լուծել այս խնդիրը:  Բացի այդ, ան ըսած է, որ Հայաստանը գոհ չէ ՀԱՊԿ-ի «գործողութիւններու արագութենէն» Ատրպէյճանի հետ սահմանի խնդրի լուծման հարցով, եւ աւելցուցած է, որ կազմակերպութիւնը հրապարակաւ յստակ դիրքորոշում չէ յայտնած այս հարցին վերաբերեալ: