Հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է առաջնագիծին մօտեցնել զրահամեքենայ, բայց չէ յաջողած. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական ճակատային գիծին վրայ տարբեր ուժգնութեամբ ընթացած են մարտական գործողութիւններ: Որոշ ուղղութիւններով ծաւալող թշնամական շարասիւները յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած են ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ: Հակառակորդը շարունակած է նաեւ հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերուն:
Հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է առաջնագիծին մօտեցնել զրահամեքենայ: ՊԲ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած գործողութիւններու շնորհիւ խոցուած է թշնամական 1 հրասայլ, իսկ մնացածները ետ քաշուած են:
Ներկայ պահուն մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ վերահսկողութեան ներքոյ: