Հարցուածներու 85%-ը հաւանութիւն կու տայ ՀՀ վարչապետի գործունէութեան

2020-07-03
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հարցուածներու 85%-ը հաւանութիւն կու տայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 3 յուլիսին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ «Էմ Փի ՃԻ» ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:

«Քաղաքացիներէն խնդրած ենք պատասխանել այն հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատեն ներքոշարադրեալներու գործունէութիւնը. ընդդիմութեան գործունէութեան հաւանութիւն կու տայ հարցուածներու 22,7%-ը, Ազգային ժողովի գործունէութեան՝ 54,7%-ը, կառավարութեան գործունէութեան՝ 67,9%-ը, նախագահի գործունէութեան՝ 79,3%, վարչապետի գործունէութեան՝ 85%-ը»,- ըսած է Նաւասարդեանը:

Հարցումները իրականացուած են հեռախօսազանգերու միջոցով: Հարցման մասնակիցներու քանակը 1 002 անձ է: Հետազօտութեան այլընտրանքային սխալը՝ 3%: Ընտրանքը ներկայացուցչական է՝ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան սեռատարիքային կազմի եւ բնակութեան վայրի: Հետազօտութիւնը իրականացուած է 10-27 յունիսին: