Հերթական խախտումը. Հակառակորդը թիրախաւորած է հարաւարեւելեան ուղղութեամբ դիրքերը

Հերթական խախտումը գրանցուեցաւ ժամը 09:10-ի սահմաններուն:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը՝ նշելով, որ հակառակորդը թիրախաւորած է հարաւարեւելեան ուղղութեամբ դիրքերը՝ արձակելով հինգ հրետանային արկ: