ՀՀ Ազգային Ժողովը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Մարտ 1-ի զոհերուն յիշատակը

ՀՀ ազգային ժողովը մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեց 1 մարտի զոհերուն յիշատակը:
Ազգային ժողովի նիստի մեկնարկին ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան առաջարկեց 1 րոպէ լռութեամբ յարգել զոհուածներու յիշատակը:
Հայաստանի մէջ 2008 թուականի 19 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած էին: Բողոքի ցոյցերը կը ղեկավարէր ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան. ան եւ անոր կողմնակիցները համաձայն չէին ընտրութիւններու արդիւնքներուն, որոնց համաձայն՝ նախագահ ընտրուած էր Սերժ Սարգսեան: 2008 թուականի 1 մարտին զանգուածային անկարգութիւններ ու բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ, որուն հետեւանքով զոհուեցան 10 մարդ, որմէ 2-ը ոստիկանութեան աշխատակիցներ էին: