ՀՀ Ազգային ժողովը պիտի ունենայ 12 մշտական յանձնաժողով

2021-08-06
Image

ՀՀ ազգային ժողովը ընդունեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած նախագիծը, ըստ որու պիտի ստեղծուին  ԱԺ յանձնաժողովներ, ինչպէս նաեւ մերժեց «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան նախագիծը, որով  կ'առաջարկուէր խորհրդարանին մէջ ստեղծել Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Ազգային ժողովին մէջ քուէարկութեան դրուած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ներկայացուցած «Ազգային ժողովի յանձնաժողովներու թիւը, անուանումները եւ գործունէութիւնը եւ գործունէութեան ոլորտը հաստատելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը ընդունելու մասին հարցը, որուն կողմ քուէարկած է 67 պատգամավոր, դէմ` 27, 0` ձեռնպահ:

Քուէարկութեան դրուած էր նաեւ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու ներկայացուցած նախագիծը, որուն կողմ կողմ քուէարկած է 33 պատգամաւոր, դէմ` 0, ձեռնպահ` 68:

ՀՀ ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնն առաջարկած է ստեղծել 12 մշտական յանձնաժողովներ: 7-րդ գումարման ԱԺ-ի հետ համեմատած՝  Առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու յանձնաժողովը պիտի դառնայ 2 առանձին յանձնաժողով:

9 յանձնաժողովներու նախագահները պիտի առաջադրէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, 3-ը՝ «Հայաստան» խմբակցութիւնը: