ՀՀ ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի ԱՄՆ

2022-01-14
Image

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 15-20 Յունուարին աշխատանքային այցով պիտի գործուղուի Ուաշինկթըն: ԱԺ նախագահի համապատասխան կարգադրութիւնը հրապարակուած է խորհրդարանի պաշտօնական կայքին մէջ:

Ըստ կարգադրութեան՝ պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեանը, պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանը,  «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը եւ խումբ մը աշխատակիցներ ԱԺ աշխատակազմէն:

-Յիշեցնենք՝ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի մէկ այլ կարգադրութեան համաձայն՝ 17-20 Յունվարին Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները ժամանակաւոր պիտի կատարէ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը: