ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին քննարկուած է Լաչինի միջանցքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ:
Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ նիստին բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը:
Քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորապէս, Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: