ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ 14:00-ի դրութեամբ էական միջադէպեր չեն գրանցուած

2021-11-18
Image

 ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ 14:00-ի դրութեամբ էական միջադէպեր չեն գրանցուած: Կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Նոյեմբեր 17-ին, Ռուսաստանի հարաւային ռազմական հրամանատարի ՝ Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, յատուկ չուերթով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուեցաւ Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայողին մարմինը։

Մարտերու հետեւանքով անհետ կորսուած զինծառայողներու յայտնաբերման, ինչպէս նաեւ գերի առնուածներու վերադարձի շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ երէկ ուշ երեկոյեան ատրպէյճանական Զինուած ուժերը անկանոն կրակած են Տաւուշ մարզի հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշ ուղղութիւններով։ Պատասխան գործողութիւններով թշնամիի կրակը լռեցուած է։