ՀՀ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներն այցելած են Եռաբլուր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ ՀՀ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 31-ամեակի առթիւ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։
տեղեկութիւնը յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։
Վարչապետ Փաշինեան ծաղիկներ դրած է Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ յանուն Հայրենիքի կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: