ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, դեսպանները կ'այցելեն Եռաբլուր

2021-09-27
Image

ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներն այսօր վաղ առաւօտէն կ'այցելեն Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1 տարի առաջ սկսած պատերազմի զոհերու յիշատակին:

Պաշտօնեաներու հետ միասին Եռաբլուր այցելած է նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրեյսին: Ան ծաղիկներ խոնարհած է զոհերու շիրիմներուն, զրուցած է ծնողներէն մի քանիի հետ:

Յիշեցնենք, այսօր կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմի  1 տարին: