ՀՀ եւ Ռուսաստանի ԱԳՆ ղեկավարները քննարկած են իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ

2021-04-02
Image

ՀՀ եւ Ռուսաստանի ԱԳՆ ղեկավարներ Արա Այվազեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական արձագանգման հարցերը, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան ապաարգելափակումը: Հանդիպումը կայացած է Մոսկուայի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ)  Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի շրջածիրէն ներս:

Ինչպէս կը յայտնէ ՌԴ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը, կողմերը քննարկած են 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 յունուարի՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը:

Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են հայ-ռուսական համագործակցութեան հարցերու շուրջ, ներառեալ՝ բարձր մակարդակով շփումները, երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նախապատրաստութիւնը:

Քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային օրակարգի թեմաներ: